ՀՀ Դեսպանը Հանդիպումներ Ունեցած Է Ուրուկուէյի Ղեկավարութեան Հետ

Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցած է Մոնթեւիտէոյի մէջ` հանգամանալից ներկայացնելով ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները:

Հայաստանի դեսպանը ընդունած են երկրի փոխնախագահ Ռաուլ Սենտիկը, խորհրդարանի նախագահ Ճերարտօ Ամարիլլոն, արտաքին գործոց նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովոան, փոխնախարար Խոսէ Գանսելան:

Յարութիւնեան փաստեր ներկայացուցած է խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ կատարուած անմարդկային ոճիրներուն մասին:

Հայաստանի դեսպանը հանդիպած է նաեւ Ուրուկուէյի պետական համալսարանի տնօրէն Ռոպերթօ Մարգարեանի եւ հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, կը գրէ azatutyun.am-ը:

 

Scroll Up