Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները. ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Արտասահմանը, եւ ներառեալ Լիբանանը, մեր
«վերջին կայանը» չէ, եւ որքան ալ դժուար հնարաւոր
ու հեռաւոր թուի` այդ երազը իբր համազգային նպատակ
մեր ազգային-քաղաքական ուղեգիծին վրայ գտնուելու է,
որպէս առինքնող փարոս լուսաւորելու մեր ճամբան։
Հայկ Նագգաշեան
Ծնած է Պէյրութ, Յունիս 30, 1926։ Նախակրութիւնը ստանալէ ետք ծննդավայրին մէջ երկրորդական ուսման համար1937ին յաճախած է Կիպրոսի ՀԲԸՄի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, սակայն 1944ին թերաւարտ վերադարձած է Պէյրութ, Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի բերումով։
1946-1948 թուականներուն պաշտօնավարած է Ամմանի ազգային վարժարանին մէջ, միաժամանակ հանդիսանալով Ամմանահայ Մարզական Միութեան (ԱՄՄ) հիմնադիրներէն մէկը։ Նագգաշեան ազդեցիկ մեծ ընտանիքը Պաղեստինի ու Յորդանանի մէջ ծանօթ է իր կրթական, կուսակցական, գրական ու մշակութային ընդարձակ աշխատանքով։ Նոյնիսկ Պաղեստինի ու ապա Երուսաղէմի գրաւումէն ետք նագգաշեաններու դրօշմը կը շարունակէ մնալ այդ զոյգ համայնքներէն ներս։ Ու Հայկ շրջապատուած գաղափարի ընկերներով ու հարազատներով ունեցաւ այդ նախաձեռնութիւնը մարզական միութեամբ մօտեցնելու երիտասարդները ՌԱԿի շարքերուն։ Ինչ որ եղաւ հետագային օրհնութիւն մը ամմանահայ գաղութին համար։
Պէյրութ վերադառնալով` 1948-51 թուականներուն կը ստանձնէ ՀԲԸՄի առաջին Կրթական Յանձնախումբին քարտուղարութիւնը. միաժամանակ պաշտօնավարելով «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ իբրեւ օգնական խմբագիր Գերսամ Ահարոնեանի, եւ Վահէ-Վահեանի «Անի» ամսագրին` իբրեւ վարչական գործակատար։
1951-58 թուականներուն կը պաշտօնավարէ Ատիս Ապապայի հայոց վարժարանին մէջ։ Ապա կը ստանձնէ գերմանական դեղօրայքի եւ քիմիական նիւթերու աշխարհահռչակ Պայեր ընկերութեան շրջուն ներկայացուցիչի պաշտօնը, իր այդ հանգամանքով շրջելով ամբողջ Եթովպիան եւ Արեւելեան Ափրիկէի զանազան շրջանները։ Այս միջոցին շարունակելով մէկտեղ այցելու ուսուցչութիւնը, ան կը հանդիսանայ եթովպահայ գաղութի մտաւորական առաջնորդներէն մէկը` ստանձնելով եթովպահայ «Արարատ» Միութեան ատենապետութիւնը եւ Ուսումնական Խորհուրդին ատենադպրութիւնը։ Քանի մը գրասէր գործակիցներու օգնութեամբ ան հիմնած ու խմբագրած է «Փիւնիկ» խմորատիպ ամսագիրը, որ հրատարակուած է շուրջ երեք տարի։ Գաղութին առաջնորդութիւն տուող տիրական դէմքին` Հայկաշէնի հետ իր գործակցութիւնը եղած է ակներեւ։
Նագգաշեան 1964ին կը վերադառնայ Պէյրութ, կը դառնայ առեւտրական գործակատար, միաժամանակ նուիրուելով գրական, ընկերային ու կուսակցական գործունէութեան` այդ մարզերուն մէջ վարելով պատասխանատու պաշտօններ։ Ան կ’աշխատակցի «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար», «Նոր Օր» կուսակցական օրկաններուն եւ ԹՄՄի «Շիրակ» ամսագրին, որուն խմբագրական կազմին անդամ կ’ըլլայ, միաժամանակ շրջան մը վարելով անոր վարչական տնօրէնութիւնը։ Երկար ժամանակ ՌԱԿի Շրջանային Վարչութեան ատենադպիրը ըլլալէ յտոյ, 1984-89ին եղած է նաեւ ատենապետը, միաժամանակ գլխաւորելով Հայկական Դատի Յանձնախումբը։ Ան զուգահեռաբար մաս կազմած է նաեւ ՀԲԸՄի Շրջանակային Յանձնաժողովին` ատենադպիրի պաշտօնով, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին։ 1982 եւ 1966ին մասնակցած է Հայաստանի Գրողներու Համագումարին։ 1989ին փոխադրուած է Մոնթրէալ։ 1977-91ին եղած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` ատենադպիրի պաշտօնով։
Պէյրութի մէջ, Հայկ Նագգաշեան 1979ին կը հրատարակէ որսորդական պամուածքներու առաջին հատորը` «Որսորդի ուղիներով» խորագրին տակ, 1981ին` «Մարկերիթայի առիւծները», 1984ին` «Անաւարտ պատմութիւն» եւ 1985ին` «Սրբազան ծառին տակ» վիպակները։ Սովետական Գրող հրատարակութիւնը «Սփիւռքահայ գրողներ» մատենաշարով 1982 թուականին լոյս ընծայեց անոր «Ափրիկեան անտառներուն մէջ» խորագրեալ հատորը։ 1986ին ազգային-ընկերային խորքով վիպակը` «Դէպի ինքնութիւն» խորագրին տակ, որ կը հրատարակուի Պէյրութի մէջ։ Աւելի ուշ դարձեալ Պէյրութի մէջ իրմէ լոյս կը տեսնէ 2009ին` «Խճանկար» պատմուածքներու հաւաքածոն։ 1980ին արժանացած է ԹՄՄ «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ»ին իր «Որսորդի ուղիներով» գիրքին համար։ Իր վերջին գիրքը` «Բերքահաւաք»ը, 2001ին կը հրատարակուի Հայաստանի մէջ։
1979ին, քանի մը ամիսով կու գայ Պոստոն ստանձնելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանակին գրասենեակի քարտուղարութիւնը, սակայն կը վերադառնայ Լիբանան ու 1989ին վերջնականապէս կը հաստատուի Մոնթրէալ։ 1995-1998 տարիներուն մնայուն կերպով կ’աշխատակցի Նիւ Ճըրզի հրատարակուող «Անկախութիւն» երկշաբաթաթերթին, որ բողոքի իրա´ւ ձայնն էր այդ օրերու ՀԲԸՄի եւ ՌԱԿի ղեկավարութեան մօտ եղող ապօրինութեանց, սխալ ազգային տնօրինումներու եւ գործադրուող անպատասխանատու գործունէութեանց։
Մեծապէս կ’օժանդակէ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան յատենի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեանին` շրջանակէն ներս վերահաստատելու օրինականութիւնը եւ այդ ուղիով կը դառնայ հիմնադիրներէն Մոնթրէալի ՌԱԿ «Բարունակ Թովմասեան» ակումբին, որ հետագային` երկու կողմերու հաշտութեան` ԻԳ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովէն ետք` գումարուած Փարիզ 2003ին, միանալով Մոնթրէալի մէջ արդէն իսկ գործող ՌԱԿ «Էօժէն Բաբազեան» ակումբին կը մկրտուի «Բաբազեան-Թովմասեան» ակումբ։
Յաճախակի այցելութիւններ Խորհրդային Հայաստան պատճառ կ’ըլլան Հայկին ծանօթանալու հայրենի մտաւորականութեան ու մանաւանդ` գրողներու, որոնք փոխադարձ այցելութիւններով Պէյրութ, կը հիւրասիրուէին Նագգաշեաններու հիւրընկալ տան մէջ։
Մինչեւ իր տեսողութեան քայքայումը, Նագգաշեան կը շարունակէ գրել ռամկավար եւ անկախ մամուլին ազգային, հայրենական, քաղաքական յօդուածներ ու յուշագրութիւններ։
Ամուսնացած է Սօսի Թորոսեանի հետ, որ Պէյրութի ՀԲԸՄի Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն էր եւ ՌԱԿ կանանց ակումբի ժրաջան անդամուհիներէն եւ պատասխանատուներէն` ՀԲԸՄի Անթիլիասի մասնաճիւղին։ Կը բախտաւորուին երկու մանչ` Վահան ու Շահէ եւ դուստրով մը` Սեւան, որոնք կը շարունակեն իրենց ծնողաց հայրենասիրական բարի ուղին։
Կը մահանայ Մոնթրէալի մէջ Մայիս 4, 2016ին
Յակոբ Վարդիվառեան