ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Փսքովի Մարզի Հայ Համայնքի «Ուրարտու» Իրաւապաշտպան Հասարակական Կազմակերպութեան Նախագահը
Մայիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Փսքովի մարզի հայ համայնքի «Ուրարտու» իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութեան եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան Փսքովի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահ Մերուժան Վերմիշեանը:
Հիւրը նախարարին տեղեկացուց, որ նոր վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն, ուր մեկնած էր ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակին Փսքովի հայ համայնքի միջոցներով գնուած զինուորական շտապ օգնութեան երկու մեքենաները յանձնելու նպատակով:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մերուժան Վերմիշեանին հայրենասիրական նախաձեռնութեան համար եւ խնդրեց իր երախտագիտութիւնը փոխանցել Փսքովի հայութեան:
Ներկայացնելով փսքովահայութիւնը, պարոն Վերմիշեան ըսաւ, որ մարզին մէջ կ’ապրի 3-3.5 հազար հայ, որոնք հիմնականին մէջ կ’աշխատին ճանապարհաշինութեան եւ հասարակական սնունդի ոլորտին մէջ: Կը գործէ «Մաշտոց» ընկերութիւնը, կիրակնօրեայ դպրոցը, կը կազմակերպուին մշակութային ձեռնարկներ:
«Վտանգուած Արցախը այսօր իւրայատուկ հայրենասիրական մթնոլորտ ստեղծած է համայնքէն ներս, եւ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր կարելին ընել, – ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համայնքի ղեկավարութիւնը կ’աշխատի ճիշդ հունի մէջ դնել եւ ամրապնդել ազգային ինքնութեան ազդակները եւ տարբեր միջոցներով աշխուժացնել Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի հետ կապերը:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւոր զինուորներուն ցուցաբերուող օգնութիւնը շարունակական դարձնելու հնարաւորութիւններուն առնչուող հարցեր: