ՊՆ Խօսնակ. Ատրպէյճանի Զօրքերի Նոր Կուտակումն Աւելի Մեծ Է, Քան Ապրիլի Առաջին Օրերին

Ատրպէյճան կը շարունակէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գօտիին մէջ զօրքերու տեղաշարժ իրականացնել: Զօրքերու վերջին կուտակումները աւելի մեծ են, քան Ապրիլի առաջին օրերուն:

Ըստ panarmenian.net-ի`այդ մասին  յայտարարած է պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:

Յովհաննիսեան նշած է, որ նկատուած է աւելի մեծ զօրախումբերու տեղաշարժ, սակայն այլ մանրամասներ չի կրնար ըսել: Ան շեշտած է, որ հակառակորդի տեղաշարժը հայկական հետախուզութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է:

Խօսելով ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հետախուզութեան գործողութիւններու մասին, մամլոյ խօսնակը նշած է, որ թէեւ ինչ-որ մասով կարելի է մեղադրել, սակայն անընդհատ կեդրոնանալ թեմայի վրայ սխալ է:

«Տեղի են ունեցել այնպիսի մարտական դրուագներ, հետախուզութեան շնորհիւ կանխարգելիչ այնպիսի հարուածներ են եղել, որ եթէ հետախուզութիւնը չլիներ, պատերազմը կարող էր այլ ընթացք ստանալ», – ըսած է ան:

Յովհաննիսեան նաեւ հերքած է Հայաստանի մէջ զօրահաւաքի մասին բոլոր տեղեկութիւնները` ընդգծելով, որ նման որոշման պարագային կ’ըլլայ համապատասխան յայտարարութիւն:

Խօսելով դիրքեր կորսնցնելու եւ վերադարձնելու մասին շրջանարուող լուրերուն մասին` Յովհաննիսեան ըսած է.

«Դիրքեր կորցնելու-վերցնելու մասին լուրերը քիչ քննարկէք, փոքր տարածքներ վերցնելը կամ կորցնելն ինչքան քիչ քննարկենք, այդքան աւելի շատ կ’օգնենք զինուորականներին: Ամէն ինչ կ’աւարտուի` ամէն ինչ կը ներկայացուի»:

Ան շեշտած է, ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, թէ որքան տարածք  կորսնցուցած է հայկական կողմը Ապրիլի սկիզբը տեղի ունեցած  պատերազմին հետեւանքով, կը գրէ Panorama.am-ը:

«Նման հաշուարկ այսօր ոչ մէկը չի կարող անել, որովհետեւ առնուազն պէտք է գնալ տեղում, դիրքային տարածքներից սկսած ոտքով քայլել ու չափել: Այն բոլոր փորձերը, որ մի քանի տիլեթանթներ կուկլ-մեփով փորձում են անել, լուրջ չէ», -աւելցուց Յովհաննիսեան:

Հարցին, թէ կրնա՞յ հէնց ան տրամադրել ստոյգ տեղեկութիւն, խօսնակը ըսած է. «Ոչ, որովհետեւ պատերազմ է գնում»:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ կիրառուող զինատեսակներու թեմային, Յովհաննիսեան նշած է, որ բացարձակ զէնք գոյութիւն չունի, եւ իւրաքանչիւր զէնք ունի իրեն դէմ պայքարի մեթոտներ: Աւելին ան չըսեր` պատճառաբանելով, թէ ռազմական գաղտնիքներ կան, որոնք պէտք չէ հանրայնացնել:

«Վստահ եղէք, եթէ աշխարհում ռազմագիտական զարգացած միտքը ինչ-որ մի բանի դէմ փորձում է պայքարի միջոց գտնել, մենք նրանց չենք զիջում: 14 ԱԹՍ ենք խոցել, նշանակում է դրա դէմ պայքարի ձեւերը, միջոցները գիտենք, ուղղակի ամէն ինչ չենք կարող բացել», – նկատած է Յովհաննիսեան:

Scroll Up