Հոլիվուտի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է «Այցելէ Հայաստան, Այն Գեղեցիկ Է» Խորագիրով Շարադրութեան Մրցոյթը

Հարիւրէ աւելի հիւրեր Ապրիլ 28­-ին մասնակցած են «Այցելէ Հայաստան, այն գեղեցիկ է» (Visit Armenia, It Is Beautiful) խորագիրով շարադրութիւններու  չորրորդ մրցանակաբաշխութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ asbarez.com­-ը:

Կը նշուի, որ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Քալիֆորնիոյ` Հոլիվուտի մէջ: Շարադրութիւններու մրցոյթին մասնակցած են աւագ դպրոցներու 9-­12­րդ դասարաններու աշակերտներ, որոնք գրած են հայերէն կամ անգլերէն շարադրութիւններ եւ ներկայացուցած իրենց մտքերը, թէ ինչու կը ցանկան այցելել Հայաստան:

Շարադրութիւնները լեցուած չեն եղած միայն հայրենասիրական գաղափարներով, այլեւ պարունակած են հայաստանեան խնդիրներու լուծման ուղղուած առաջարկներ: Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան հնչած են Հայաստանի եւ ԱՄՆ-­ի օրհներգերը. մասնակիցները յարգած են Արցախի եւ Սուրիոյ մէջ զոհուած անմեղ հայերու յիշատակը:  Իբրեւ արդիւնք 11 պատանիներու աշխատանքներ լաւագոյնը ճանչցուած են, եւ ատոնք արժանացած են մրցանակներու:

Առաջին տեղը գրաւած է Rose and Alex Pilibos հայկական դպրոցի 9­-րդ դասարանի աշակերտ Արէնի Չորպարճեան, երկրորդը` Սրբոց նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարանի սան Մեղրի Աշէկեան (9­րդ դասարան ), իսկ երրորդը` Clark Magnet աւագ դպրոցի աշակերտ Թալիշ Պապայեան (12­րդ դասարան):

Scroll Up