Կայացած Է Բակօ Սահակեանի Եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի Հանդիպումը

Մայիս 3-ին տեղի  ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը:

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ`  հանդիպման քննարկուած են ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին Ապրիլ 2-5 հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն վերաբերող  շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է այս ծանր օրերուն քաղաքական ուժերու ցուցաբերած միասնականութիւնը եւ անոնց դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

Scroll Up