Այսօրուընէ Սկսեալ Հալէպի Եւ Այլ Շրջաններու Մէջ Զինադադար Հաստատելու Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն

Ժընեւի մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ռուս եւ ամերիկացի զինուորականները մարտական գործողութիւններու դադրեցման յատուկ յանձնախումբի ծիրին մէջ գոյացուցած են 30 ապրիլէն սկսեալ Սուրիոյ «տաք» շրջաններուն մէջ զինադադար հաստատելու շուրջ:
Աղբիւրը նշած է, որ համաձայնութիւնը կը վերաբերի Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի արուարձաններուն, ուր զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ զինադադարի դրութիւնը վերջնական ժամկէտներ չունի:
Նշենք, որ Մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ մարդասիրական հարցերու յատուկ յանձնախումբերը ստեղծուած են Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի 11 փետրուարի որոշումով: Յանձնախումբերը կ՛աշխատին Ժընեւի մէջ եւ անոնց մաս կը կազմեն Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի անդամ երկիրներու դիւանագէտներ եւ զինուորականներ:
Յանձնախումբերու համանախագահներն են Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները: