Մերօրեայ Հերոսներ. Կը Խոնարհինք Եւ Կը Հպարտանանք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/074A1295-копия.jpg)
Ապրիլ 30-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան զինուած ուժերու ժամկէտային զինծառայող, ականանետի նշանառու, շարքային Յարութիւն Բադալեանին յանձնած է Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ արիութեան, անձնուրացութեան ու հմտութեան համար ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով անոր շնորհուած «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:
ՀՀ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անունէն խորին երախտագիտութիւն յայտնելով զինծառայողին եւ անոր ծնողներուն հայրենիքին նուիրուած զաւակ դատիարակելու համար` ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան ընդգծած է, որ ողջ ժողովուրդը կը հպարտանայ մերօրեայ հերոսներու սխրանքով, եւ շարքային Յարութիւն Բադալեանի ու անոր նման տղաներու օրինակը եւս մէկ ապացոյցն է այն բանին, որ հայկական զինուժը իր պատրաստուածութեամբ, զինծառայողներու բարոյահոգեբանական բարձր մակարդակի եւ մարտական ոգիի շնորհիւ պատրաստ է իւրաքանչիւր վայրկեան ճնշելու հակառակորդի որեւէ գործողութիւն: