Ֆրանսահայերու Հոգեւոր Առաջնորդը Օլանտին Փոխանցած Է Համայնքի Մտահոգութիւնները Ատրպէյճանի Նախայարձակման Առնչութեամբ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ Ելիսէյեան պալատին մէջ ընդունած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Վահան Յովհաննէսեանը եւ անոր քաղաքական հարցերով խորհրդական Արթուր Խանջեանը:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ժամանակ Վահան Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար, ներկայացուցած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի գործունէութիւնը, բարձրացուցած ֆրանսահայութիւնը յուզող հարցեր:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ն, եպիսկոպոսը Օլանտին փոխանցած է ֆրանսահայութեան ակնկալիքները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրէնքի ընդունման հարցով, հետաքրքրուած այդ ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն մասին եւ նշած, որ ֆրանսահայերը անհամբերութեամբ կը սպասեն այդ օրէնքի ընդունման:
Ան նաեւ Օլանտին փոխանցած է ֆրանսահայերու մտահոգութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ (Թուրքիոյ աջակցութեամբ) սանձնազերծուած ապրիլեան պատերազամական գործողութիւններուն շուրջ: Վահան Յովհաննէսեան խնդրած է Ֆրանսայի նախագահէն` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկրի եւ ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդի անդամի, պահանջել Ատրպէյճանէն յարգել հրադադարի կարգը եւ ստիպել անոր ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները` ապրելու իրենց պապենական հողերուն վրայ: