Թուրքիոյ Մէջ Հայ Ըլլալը Տակաւին Չ՝ընկալուիր Իբրեւ Բնական Երեւոյթ. Կարօ Փայլան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/garo_paylan_azinliklar_icin_tekrar_riskli_gunler_yasiyoruz_h66262_7fa68.jpg)
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Ֆրանսայի մէջ մասնակցած «Թուրքիոյ այսօրուան իրավիճակն ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքները» խորագիրով համաժողովին:
Վկայակոչելով թրքական «Demokrathaber.com» կայքը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ պատգամաւորը նշած է, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները դրական վերաբերմունքի կ՝արժանանան, եթէ իրենց պահեն «խելօք երեխաներ»ու նման: Բայց եթէ որեւէ բողոք արտայայտեն՝ կը պիտակաւորուին իբրեւ «դաւաճաններ»:
«Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը դեռ չ՝ընկալուիր իբրեւ բնական երեւոյթ: Երբեմն շատ մեծարուող, երբեմն ալ հողին հաւասարեցուող, հայհոյանքի վերածուող հասկացութիւն է հայ ըլլալը, բան մը, որուն վերջին օրերուն կրկին ականատես կ՝ըլլանք: Ես կ՝ուզեմ, որ հայու ինքնութիւնը վերածուի այլ ինքնութիւններու նման բնական, պատուաւոր երեւոյթի»,–ըստ Ermenihaber-ի՝ ըսած է պոլսահայ պատգամաւորը:
Իբրեւ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ խտրականութեան օրինակ՝ Փայլանը նշած է այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ մէջ կը գործէ կրօնական գործերու նախարարութիւն, որուն բաւական մեծ պիւտճէն կը ձեւաւորուի բոլոր քաղաքացիներու, ներառեալ` ազգային փոքրամասնութիւններու վճարած հարկերէն, սակայն անիկա կը զբաղի միայն սիւննի-իսլամներու կրօնական խնդիրներով: «Ասիկա, ի հարկէ, արդար չէ: Ասիկա կ՝ապացուցէ այն հանգամանքը, որ մեր հոգեւոր դպրոցները դեռ փակ են, հրեաները դեռ աղաւնիի պէս վախուորած վիճակի մէջ են»,– աւելցուցած է ան:
Փայլանը նշած է, որ ըլլալով հայ պատգամաւոր, ան իր նպատակները չի սահմանափակեր միայն հայ համայնքին վերաբերող խնդիրներու ծիրով: Ան եւ իր ներկայացուցած ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութիւնը (ԺԴԿ-HDP) կը ջանան զբաղիլ ընդհանրապէս Թուրքիոյ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներով: Այլ հարց է, թէ այդ փոքրամասնութիւններէն ամէն մէկը որքան քաղաքականացուած է եւ պատրաստ` պաշտպանելու իր շահերը:
«Յատկապէս Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք էր, որ հայ համայնքը քաղաքականացուեցաւ: Մենք անոր սերունդներն ենք: Օրինակ, ես գործարար էի: Բայց Հրադ Տինքի սպանութեան օրը ես դադրեցայ գործարար ըլլալէն: Արդարութեան հասնիլը, հայ համայնքի համար պայքարի գաղափարը քաղաքականացուց զիս»,- ըսած է պատգամաւորը:
Անդրադառնալով նաեւ խորհրդարանի մէջ Կիրակի օրերուն եկեղեցի երթալու համար ընդմիջում ընելու իր առաջարկին (իսլամական ուրբաթօրեայ աղօթքի համար կատարուող ընդմիջման օրինակով)` Փայլանը նշած է, որ ոչ մէկ պատգամաւոր առարկած է իր այս առաջարկին, երբ ինքը անոնց հետ երես առ երես խօսած է: Բայց ամպիոնէն խօսելու ընթացքին՝ անոնց ելոյթներու բովանդակութիւնը արդէն կը փոխուի:
«Տինքն ալ նման յատկութիւն ունէր. ամենաազգայնամոլ մարդու հետ 10 վայրկեան խօսելէ յետոյ անոր ողջ աշխարհայեացքը, ողջ մտածելակերպը կը կարողանար փոխել: Ես ալ կը փորձեմ ատիկա ընել եւ պիտի շարունակեմ այդ ջանքերը»: