Հայ Զինուորին Քաջագործութիւնը Արցախեան Պատերազմին

«Իրատես»-ը կը գրէ «Ռազմական թէժ գործողութիւններէն ետք մեր զինուորներու սխրանքներուն մասին այնպիսի պատմութիւններ կը հասնին «թիկունք», որ առանց փշաքաղուելու հնարաւոր չէ լսել: Շփման գիծին եղած զինուորականներէն մէկը ցնցող պատմութիւն մը ներկայացուց հայ զինուորի անպատկերացնելի քաջագործութեան մասին:
Ապրիլեան առաջին օրերուն, երբ ուժգին կը հրետակոծուէին հայկական գիւղերը, մեր կողմի նռնականետը յանկարծ կը փչանաj: Հրամանատարը կ’որոշէ զէնքը ձգել ու քիչ մը նահանջել, քանի որ արկերու «տարափ» կը տեղար: Նռնականետէն կրակող զինուորը կը դիմէ հրամանատարին, թէ ինք կը ցանկայ երթալ եւ թշնամիի նռնականետէն համապատասխան մասը բերել ու գործի դնել մերը: Հրամանատարը կտրուկ կ’արգիլէ կը նշանակէ երթալ մահուան բերան: Զինուորը յամառութիւն կ’ընէ, չդադրող կրակի տարափին տակ կը յաջողի հասնիլ թշնամիի զէնքը: Նռնականետի տակ թաքնուելով, ան կրնայ համապատասխան սարքը քանդել-հանել ու ետ վերադառնալ: Ողջ հրամանատարութիւնը այս աներեւակայելի քայլէն կը քարանայ: Ինչպէ՞ս յաջողեցաւ, ինչպիսի՞ արիութիւն պէտք է ունենալ նման քայլի դիմելու համար: Յաջորդ առաւօտեան, երբ հրամանատարը կը գրկէ զինուորը ու կ’ըսէ իսկական հերոս ես, վերջինս մեղմ ժպիտով կը «զեկուցէ» . «Հրամանատար ջան, պէտք լինի, էս օր էլ կարամ գնամ– գամ»: