Դեսպան Մկրտչեանի Հանդիպումը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Ապրիլ 26-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութենէն:

Հանդիպման ընդգծելով հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու ջերմ բարեկամական բնոյթը` խորհրդարանի նախագահը յաջողութիւններ մաղթեց ՀՀ դեսպանին իր պաշտօնական առաքելութեան մէջ: Լիբանանի խոհրդարանի նախագահը խոստացաւ ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերել` երկու ժողովուրդներու առաւել մերձեցնելու, առկայ մարտահրաւէրները համատեղ դիմակայելու գործին մէջ:

Իր հերթին ՀՀ դեսպանը հաւաստիացուց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ամենայն ջանք պիտի ներդրուի շարունակելու եւ զարգացնելու երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւնները, առաւել ամրապնդելու կապերը բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խնդիրներուն, ԼՂ հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութեան աճին: Շեշտադրուեցաւ իրավիճակը բացառապէս խաղաղ, բանակցային եղանակով կարգաւորելու հրամայականը:

Սամուէլ Մկրտչեան ներկայացուց ՀՀ սահմանադրական բարեփոխումներու, կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցման ընթացքը: Նապիհ Պըրին պարզաբանեց Լիբանանի նոր ընտրական օրէնքի մշակման եւ ընդունման անհրաժեշտութիւնը, ներքաղաքական ներկայ իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Scroll Up