Պատերազմի Ժամանակ Աւելի Ծանր Պահ Չկայ, Քան Երբ Դուն Գիտես Դիմացինիդ Հարազատի Զոհուելուն Մասին, Ինք` Դեռ Ոչ…
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Արշակ Զաքարեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ.
Ապրիլեան պատերազմի երրորդ օրն էր: Այս նկարին մէջ պատկերուած կինը, որուն նոյնիսկ անունը չհասցուցի հարցնել, ողջ գիշեր կը շարունակէր ծառայութիւնը առաջնագիծին հրամանատարական կէտերէն մէկուն մէջ, մերթ ընդ մերթ անհանգիստ կը նայէր հեռախօսին սենեակէ սենեակ անցնելուն, կարծես ինչ որ կարեւոր զանգի կը սպասէր:
Խոհարարուհին ըսաւ, որ երեք ամիս առաջ ամուսնացած է: Ամուսինը նոյնպէս զինուորական է, եւ ժամեր առաջ մեկնած է ճակատ, մարտի բռնուած ու զոհուած: Բոլորը գիտէին, ինք չէր գիտեր: Առաջնագիծին մէջ կը սորվիս սառնասրտութիւն, բայց մարմնովս սրսուռ անցաւ: Հիմա այդ «բոլորին« աւելցայ նաեւ ես, ու հաւատացէք ատկէ ծանր պահ չկայ երեւի պատերազմի ժամանակ, երբ դուն գիտես, դիմացինդ դեռ ոչ:
Ողջ գիշեր աչք չի փակեցի, կը հետեւէի կնոջ, որ ինծի անծանօթ, բայց գաղտնի ցաւով արդէն հարազատ դարձած քրոջս նման կը վազվզէր սենեակէ սենեակ, ներս ու դուրս կ’ընէր իր ծառայակիցներու տարօրինակ հայեացքներու ներքոյ: Բոլորը գիտէին, ան դեռ չէր գիտեր… Ես կը մտածէի, մի գուցէ երկար, շատ երկար կը տեւէ , ու երբեք չի գար այդ դաժան պահը, որ բոլորին պէս ան ալ կ’իմանայ:
Պատերազմը մեր բոլորինն է, մեր որդիները, հայրերը, եղբայրները այսօր կը կռուին, բայց Արցախի մէջ` Մայր Հայաստանի անբաժան այդ հատուածին մէջ, կռիւը հէնց տուներուն, իրենց բակին մէջ, իրենց տանիքին, ու կը կռուին ընտանիքներով, հայր ու որդի, կին ամուսին, մայր ու աղջիկ…
Նոյն դիրքերուն մէջ նաեւ հանդիպեցայ Մայորի, որ ժամանակ առ ժամանակ կու գար ճշդելու` թէ արդեօ՞ք գտան անհետ կորած իր աւագ լէյթենանտ որդին կամ անոր դին, ու բացասական պատասխան ստանալով ետ կը մեկնէր իր ծառայութեան…
Անպարտելի ենք մենք, քանի դեռ ցաւէն աւելի հզօր ու անկոտրում կը դառնանք, քանի դեռ ահ ու վախ բառերը կ’օգտագործենք միայն թշնամին բնութագրելուն…