Ատրպէյճանի Նախայարձակման Հետ Կապուած Գործի Ծիրէն Ներս Տուժած Է Աւելի Քան 550 Մարդ

Ատրպէյճանի կողմէ Ապրիլ 2-ին սանձազերծուած նախայարձակման հետ կապուած քրէական գործի ծիրէն ներս աւելի քան 550 մարդ տուժող  ճանչցուած է:

ԼՂՀ գլխաւոր դատախազութեան դատախազ Կարէն Գաբրիէլեան NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին նշեց, որ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակէն ստացուած դիմումին համաձայն` Ապրիլ 4-ին քրէական գործեր  յարուցուած են, որոնք յետագային միաւորուած են մէկ վարոյթի մէջ:

Քրէական գործերը յարուցուած են ԼՂՀ Քրէական օրէնսգիրքի  շարք մը յօդուածներով. յարձակողական պատերազմ, հակամարտութիւններու եւ զինուած բախումներու ընթացքին ռազմական գործողութիւններ վարելու մեթոտներու խախտում, միջազգային համաձայնագիրներու խախտում, մարդասիրական իրաւունքի միջազգային չափանիշներու խախտում, քաղաքացիական անձանց սպանութիւն, գոյքի ոչնչացում, որ կապուած չէ ռազմական գործողութիւններ վարելու անհրաժեշտութեան հետ:

«Քննչական խումբ է ստեղծուել, դատաբժշկական փորձաքննութիւներ են նշանակուել` մահուան պատճառները, բնոյթը եւ մարմնական վնասուածքների աստիճանը պարզելու համար: Փորձաքննութիւններ են նշանակուել նաեւ նիւթականն վնասի չափը որոշելու համար: Տուժածները հարցաքննւում են: Քրէական գործով հետաքննութիւնը շարունակւում է»,- նշեց Կարէն Գաբրիէլեան:

ԼՂՀ ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն  կ’իրականացնէ:

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը, խախտելով 1994 թուականի Մայիս 12-ին ԼՂՀ-ի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարներու ստորագրած հրադադարին մասին համաձայնագիրի պայմանները, 2016 թուականի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ցամաքային զօրքերու, օդուժի, հրթիռահրետանային միջոցներու եւ զրահապատ մեքենաներու օգնութեամբ յարձակողական գործողութիւններ իրականացուցին ԼՂՀ-ի դէմ` խախտելով Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Միաժամանակ, պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, ռազմական առաւելութեան հասնելու նպատակով, կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները, պատերազմ վարելու արգիլուած միջոցներ կիրառելով` թիրախ դարձուցին խաղաղ բնակավայրերը, քաղաքացիական բնակչութիւնը, դպրոցները, շէնքերը, ճանապարհները, այլ ենթակառուցուածքներ եւ առանձին քաղաքացիական անձանց, որ յանգեցուց միջազգային իրաւունքի պաշտպանութեան տակ գտնուող բազմաթիւ մարդոց մահուան, ներառեալ` երեխաներու, մեծ թիւով անշարժ գոյքի ոչնչացման:

Ղարաբաղեան կողմը նաեւ հայ զինծառայողներու մարմինները ծաղրի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ խոշտանգումներու փաստեր ունի:

Նշենք, որ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ կանոնաւորապէս խախտել հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնը, ներառեալ հրետակոծելով ԼՂՀ-ի բնակավայրերը:

Scroll Up