Հայերէն Լեզուի Շարժում. Ծաղկիր Հայերէն‬

Յակոբ Օշականի խօսքերով՝ «Այս ժողովուրդին ամէնէն բարձր մշակոյթը իր գոյութիւնն է»: Եթէ լեզուն մեր մշակոյթին հիմնական տուեալներէն է, ուրեմն լեզուով կը հաստատենք մեր գոյութիւնը:

Հայերէնով կ՛արտայայտուին մեր մշակոյթի գեղեցկութիւնները: Հայարէնով նաեւ կը գեղեցկանան աշխարհի բոլոր նիւթերու արտայայտութիւնները: Գեղեցիկը արտայայտելու այս կարողութիւնը պէտք է զարգացնէ հայ երիտասարդը: Մեր ներկայ անկարող կացութեան մէջ հասած ենք հոն, ուր մեր գոյութիւնը կը հաստատուի քաղաքական դատով միայն:

Մտահոգութիւնը այն է, թէ ինչպէ՞ս կը հասկցուի հայերէնը: Իբրեւ դա՞ս, իբրեւ մեծհայր թէ մեծմա՞յր, իբրեւ պարտականութի՞ւն, կամ իբրեւ աւանդ:

Ըստ երեւոյթին, երիտասարդին բաւարար առիթ չի տրուիր հայերէնին մէջ հմտանալու: Ան գիտէ, որ հայերէնը վտանգուած է, գիտէ նաեւ որ կը վարանի հայերէն արտայայտուելու, գիտէ որ կը նախընտրէ անգլերէն գիրքեր կարդալ: Բայց նոյն ատեն գիտէ, որ հայերէնը իրն է, եւ կը սիրէ զայն: Անցած են այն օրերը, երբ «հայերէն խօսիր» հրահանգն ու քարոզը ազդիչ էր:

Այս  բոլոր իրականութիւնները նկատի առնելով, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը Ապրիլ 27ին կը կազմակերպէ լեզուի համաժողով մը՝ ամբողջութեամբ բխած աշակերտներու մտահոգութիւններէն եւ առաջարկներէն: Այդ օր, շուրջ 185 Փիլիպոսի եւ 30 Ֆերահեանի աշակերտներ պիտի մասնակցին 11  խմբային քննարկումներու, զորս կը վարեն զանազան հիւրեր, ինչպէս օրինակ՝ Վահէ Պէրպէրեան եւ UCLA-ի դասախօսներ Շուշան Կարպետեան եւ Յակոբ Կիւլլիւճեան:

Մեր յոյսն է, որ այդ օրը կ՛ըլլայ միայն սկիզբ մը եւ մեր հայ աշակերտութիւնը կը խանդավառուի հայերէնով ու կը զարգացնէ իր կարողութիւնները: Այս համաժողովը մեզի պէտք է տանի միօրեայ ձեռնարկէ դէպի համագաղութային շարժում:

Մեր գոյութիւնը վերահաստատող շարժում մը:

Սանան Շիրինեան 27 տարեկան է:

Ասպարէզ

Scroll Up