ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Պոսթընի Հայկական Գործարար Ցանց-ի Գործադիր Յանձնախումբի Անդամ Քարինա Տեմուրչեանը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պոսթընի Հայկական գործարար ցանցի գործադիր յանձնախումբի անդամ Քարինա Տեմուրչեանը:

 Ողջունելով հիւրը` նախարարը ընդգծեց Հայկական գործարար ցանցին հետ համագործակցութեան հեռանկարները, համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:

 Կողմերը քննարկեցին 2016թ. Յուլիս 11-16 Երեւանի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, «Լոյս» հիմնադրամի, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Այբ» կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կայանալիք «Հայաստան. Ստեղծենք միասին» ծրագիրի ծիրէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

 Նախարարը նաեւ աւելցուց, որ այսօր, շատ երկիրներ ունին Սփիւռք եւ բոլորն ալ կը ցանկան դառնալ «Ցանցային ազգ»: «Հայաստան. Ստեղծենք միասին» նախաձեռնութիւնը կրնայ օրինակ   հանդիսանալ տարբեր համայնքներու մէջ նման նախաձեռնութիւններու համար` նպաստելով Հայրենիք-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Scroll Up