Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկ Ալիքանթէի Մէջ

Ապրիլ 24-ին Սպանիոյ Ալիքանթէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: Ներկայ էին քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, քաղաքապետի խորհրդատու Կլորիա Վերան, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Տեղի ունեցաւ երթ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարին մօտ:  Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Ալիքանթէի հայկական համայնքի ղեկավար Յասմիկ Քոչարեան:

Խաչքարին մօտ կազմակերպուեցաւ փոքրիկ ցուցահանդէս` երեխաներու մասնակցութեամբ: Փոքրիկները մեծ պաստառներու վրայ բռնած էին Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող լուսանկարներ, անոնք նաեւ ասմունքեցին:

Ձեռնարկին ընթերցուեցաւ դատապարտող նամակը` ուղղուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցին խաչքարին:

ալիկանտեալիկանտե1ալիկանտե2ալիկանտե3ալիկանտե4ալիկանտե5ալիկանտե6ալիկանտե7ալիկանտե8ալիկանտե9ալիկանտե10ալիկանտե10ալիկանտե11ալիկանտե12ալիկանտե14ալիկանտե15 ալիկանտե16

Scroll Up