Ատրպէյճանական Դաժանութիւնները Ներկայացուած Են Միջազգային Կառոյցներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/43218.jpg)
2016 թուականի Ապրիլ 21-ին հրապարակուեցաւ ԼՂՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի միջանկեալ հրապարակային զեկոյցը ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան եւ պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն նկատմամբ ս.թ. Ապրիլ 2-5 ինկած ժամանակահատուածին կատարուած դաժանութիւններուն մասին:
Զեկոյցը ուղարկուած է մարդու իրաւունքներու ոլորտի միջազգային կազմակերպութիւններուն: Մասնաւորապէս` ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարներուն, ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու հարցերով յատուկ զեկուցողին, ԵԱՀԿ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին, Եւրոպական Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնարկին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային հիմնարկին եւ այլն: Զեկոյցը նաեւ ուղարկուած է Human Rights Watch, Amnesty International, Association for the Prevention of Torture, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հեղինակաւոր իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութիւններու: