Լաւրով Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Երէկուընէ պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր առտուն կանուխ հայ գործընկեր Էդուարդ Նալպանտեանի հետ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ապա ՌԴ ԱԳ նախարարը, կրկին ՀՀ ԱԳ նախարարին ու Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:

Scroll Up