«Շուշի» Պարախումբին Ելոյթը Կլենտէյլի Մէջ

 Ապրիլ 10ին, «Շուշի» պարախումբին 49 անդամները իրենց ներկայացուցած հայկական պարերով, իսկ Հայաստանէն, Նիւ Եորքէն ու Լոս Անճելըսէն յայտնի երգիչներ՝ իրենց երգերով, աւելի քան երկու ժամ տեւած ձեռնարկի մը ընթացքին հմայեցին Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանը հաւաքուած 1300 հանդիսատեսները։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղին կազմակերպած եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանիին տակ կայացած սոյն ձեռնարկին համար խորագիր ընտրուած էր՝ «Յիշէ՛ 1915ը եւ ոտքի կանգէ». անիկա նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին։

Ապրիլ 10ի ելոյթը «Շուշի» պարախումբին նորագոյն շրջապտոյտին ընթացքին հինգերորդն էր։ Անիկա նախապէս ներկայացուած էր Մոսկուայի, Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Նիւ Եորքի մէջ։

Նշենք, որ «Շուշի» պարախումբը հիմնադրուած էր 1992ին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հովանիին տակ։ Անոր արուեստի ղեկավարն է Սեդա Փասքալեան-Քանթարճեան, իսկ անդամներուն թիւը հասած է 110ի։ Անոր երաժշտական ղեկավարն է Անդրանիկ Մուրատեան։

Արցախէն եւ Հայաստանէն նոր ժամանած երգիչներ Անտրէ եւ Լէյլա Սարիբեկեան իրենց ունեցած ելոյթներուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներուն։ Անոնց կողքին երգերով ելոյթ ունեցան նաեւ Յասմիկ Մեխենեճեան, Անահիտ Զաքարեան, Սալբի Մայիլեան, Արմէն Յովհաննիսեան եւ Ռուբէն Թելունց, իսկ օրուան պատուոյ հիւրն էր հայրենի յայտի յօրինող Արա Գէորգեան։

(Քաղուած՝ Գէորգ Քէօշկէրեանի թղթակցութենէն)

Ասպարէզ

Scroll Up