Ծառատունկ՝ Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Պարտէզին Մէջ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12ին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրը հանդիսավայրը եղաւ սրտառուչ արարողութեան մը:
Նախաձեռնութեամբ Հայկական ծառատունկ ծրագիրին (Armenian Tree Project), մանկամսուրի պարտէզին մէջ խնձորենիի մը ծառատունկը տեղի ունեցաւ, ի յիշատակ վարժարանի բարերար ամոլին՝ տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեաններու վաղամեռիկ որդւոյն՝ Ռիչըրտի, որուն անունը կը կրէ մանկամսուրը:
Նոյն օրը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց մանկամսուրը եւ կատարեց յիշատակի աղօթք: Աղօթակից էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էին տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեանները եւ ընտանիքի հարազատները:
Աշակերտները երգերով ու արտասանութիւններով ծաղկեցուցին մթնոլորտը:
Խօսք առաւ մանկամսուրի վարչուհի Արսինէ Աղազարեան, որ նախ ողջունեց առաջնորդ սրբազանը, բարերարներն ու ներկաները, ապա անդրադարձաւ այս արարողութեան խորհրդանշական իմաստին:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ բարերար ընտանիքի եւ վարժարանի անձնակազմի ծառայութեանց մասին, օրհնեց Ռիչըրտ Թիւֆէնքեանի յիշատակը եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բարերար ընտանիքին:
Արարողութենէն ետք հոգեւոր հայրերն ու հիւրերը միասնաբար ճաշեցին աշակերտներուն հետ՝ հիւրասիրուելով վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: