Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) 12-16 ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցան Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 խումբեր, բաժնուած` 10 խմբակի:

Մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւողները անցան Բ. հանգրուան: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէր երկրորդ խմբակին, տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով գրաւեց պարագլուխի դիրքը եւ հասաւ աւարտական հանգրուան:

Աւարտական մրցումներուն գրաւելով Լեռնալիբանանի 4-րդ դիրքը, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մասնակցի Լիբանանի երկրորդ դասակարգի ախոյեանութեան: Նշենք, որ Լիբանանի երկրորդ դասակարգի խաղերուն կրնան մասնակցիլ միայն Լեռնալիբանանի նահանգին առաջին 5 դիրքերը գրաւող խումբերը, որոնց կը միանան այլ նահանգներու առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը:

Մրցումները տեղի պիտի ունենան 26 ապրիլ 2016-էն սկսեալ, նոյն վայրին մէջ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կը կազմեն Պերճ Կէօքէօզեան, Սերժ Սեֆիլեան, Խաչիկ Կէօքէօզեան, Նարեկ Արսլանեան եւ Փօլ Պետրոս: Իսկ խումբին մարզիչն է` Նոել Քէշիշեան:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up