Թալիշի Ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուժի Նախայարձակ Գործողութեան Իբրեւ Արդիւնք Զինծառայող Մը Զոհուած է. ԼՂՀ ՊԲ

Հակառակ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան զինուած դիմակայութեան գօտիին վրայ Ապրիլ 5-ի ժամը 12:00-ի դրութեամբ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութեան՝ հակառակորդը պարբերաբար կը շարունակէ իր սադրիչ գործողութիւններով ապակայունացնել իրավիճակը, որոնք յաճախ պատճառ կը դառնան մահուան:

ԼՂՀ ՊԲ տեղեկութիւններով՝ այսօր` ժամը 06:30-ի սահմաններու, հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ, ատրպէյճանական զինուժին կողմէ ձեռնարկուած նախայարձակ գործողութեան իբրեւ արդիւնք նահատակուած է ՊԲ զինծառայող, 32-ամեայ Մարատ Ռաֆայէլի Դանիէլեանը:

Դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ առաջնային գիծին վրայ տիրող իրավիճակի սրման ողջ պատասխանատւութիւնը կ՝ինայ ատրպէյճանական կողմին վրայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up