Քննարկում Արժանթինի ՄԷջ` Նուիրուած Արցախեան Հիմնախնդիրին

Արժանթինի մէջ հայ համայնքէն ներս կը շարունակուի Արցախի վերաբերեալ քննարկումներու շարքը: Ապրիլ 19-ին արժանթինահայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ  հաւաքուած էր համայնքի բոլոր հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ղեկավար կազմը, արժանթինահայ նշանաւոր իրաւաբաններ, ինչպէս նաեւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան:

Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Պուէնոս  Այրէսի  սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէրՄաղաքիա վարդապետ Ամիրեան

Գերաշնորհ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեանի առաջնորդութեամբ` ժողովականները սկսան իրենց քննարկումները: Հայ Կեդրոնի ատենապետ եւ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ Ալպերթօ Ճերեճեան ներկաներուն ներկայացուց հաւաքի նպատակները` նշելով, որ անհրաժեշտ է միաբանուած կերպով կանգնիլ Արցախի կողքին: Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Առաջինի այցը Արցախ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ  Սերժ Սարգսեանի կատարած մասնաւոր այցը, որուն ընթացքին բազմաթիւ զինուորականներ խրախուսուեցան եւ պարգեւատրուեցան իրենց գործած քաջագործութիւններուն համար: Այնուհետեւ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան ներկայացուց վերջին օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքը:

Անցնելով բուն քննարկումներուն` հաւաքուածները առիթ ունեցան յայտնելու իրենց մտահոգութիւնները ստեղծուած իրավիճակին մէջ եւ առաջարկեցին զանազան կարծիքներ` օժանդակելու Արցախի ժողովուրդի արդար արարումին եւ ապրումին համար: Բոլոր ներկաները,  հաստատելով իրենց պատրաստակամութիւնը աշխատելու այս ուղղութեամբ, կարեւոր համարեցին յառաջիկայ ընելիքներու խնդիրները եւ որոշեցին արժանթինահայ համայնքի անունէն նամակ ուղարկել Արժանթինի Հանրապետութեան նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիին: Ներկաները աւարտելով իրենց քննարկումները` հաստատակամօրէն նշեցին, որ այսուհետեւ Արցախին վերաբերող խնդիրները եւ արցախահայութեան ազատ, անկախ ապրելու իրաւունքը յետագայ ընելիքներու իրականացման ծրագիրներուն մէջ իրենց համար կը դառնայ առաջնային գործընթացք:

32 4

Scroll Up