«Երկու Մշակոյթ Մէկ Տանիքի Տակ». Քննարկում Պելճիգայի Լիէժ Քաղաքին ՄԷջ

Պելճիգայի Լիէժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը Ապրիլ 15-ին Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած «Երկու մշակոյթ մէկ տանիքի տակ» խորագիրով քննարկում մը կազմակերպած էր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեան:

Հաւաքի սկիզբը ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ, որուն մէջ ներկայացուած էր հայ տղու եւ թուրք աղջկայ մէջ ամուսնութեան իրական պատմութիւնը: Ֆիլմէն յետոյ բանավէճ ծաւալեցաւ, որ վարեցին տ. Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան  եւ Պելճիգայի մէջ հայ հոգեբան Նունէ Գարախանեան:

Քննարկման ընթացքին լսուեցան բազմաթիւ մասնագիտական բացատրութիւններ, կարծիքներ հնչեցին երկու մշակոյթներու համատեղ  կեանքի վերաբերեալ: Հետաքրքրական էին յատկապէս ձեռնարկին ներկայ այլազգներու կարծիքը, որոնք ամուսնացած են հայ կանանց հետ:

Հաշուի առնելով ներկաներու հետաքրքրուածութիւնն ու աշխուժութիւնը, միութեան ղեկավարները խոստացան յաճախակի կազմակերպել նմանօրինակ քննարկումներ:

12 4 6

Scroll Up