Հալէպի ՄԷջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսը Այցելած Է Լաթաքիա Եւ Քեսապ

Ապրիլ 15-18 Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններու հայութեան հիւպատոսական ծառայութիւններ մատուցելու նպատակով Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան աշխատանքային այցով մեկնած է Լաթաքիա եւ Քեսապ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Այցին ընթացքին գլխաւոր հիւպատոսը հանդիպում ունեցած է տեղի ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ հանգամանօրէն քննարկած է համայնքին յուզող խնդիրներու լայն շրջանակ:
Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատակիցները Լաթաքիոյ Հայոց Ազգային Առաջնորդարանին եւ Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի հայութեան համար կազմակերպած են հիւպատոսական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին յանձնուած են ՀՀ քաղաքացիի` քանի մը տասնեակէ աւելի անձնագիրներ, ինչպէս նաեւ ընդունուած են 120-է աւելի քաղաքացիութեան նոր դիմումներ:
Ապրիլ 18-ին Տիգրան Գէորգեան Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ «Սահակեան» սրահէն ներս քեսապահայութեան հոծ բազմութեան ներկայութեամբ Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանին յանձնած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած «Մխիթար Գոշ» շքանշանը:
Շնորհաւորելով քաղաքապետը` հիւպատոս Գէորգեան շեշտած է, որ սուրիահայութեան խնդիրները մշտապէս կը մնան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ:
Քեսապի քաղաքապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ Նախագահին կողմէ նման բարձր պարգեւի արժանանալու համար, նշած է, որ այդ շքանշանը ոչ միայն իրենն է, այլ ողջ քեսապահայութեան: