Թաթուլ Կրպէյեանի Եղբօրորդին Հրասայլի Վրայ Տեսնելով` Ատրպէյճանցիները Փախած Են

ԼՂՀ հիւսիսարեւելեան սահմանը պաշտպանող հրամանատար Արտակը վստահ է, որ հայ ազգը միշտ ունեցած է լաւ զինուորներ, այսօր ալ 18-19 տարեկան զինուորները ցոյց տուին, որ մենք միշտ ալ հզօր եղած ենք եւ որեւէ ատեն կրնանք հակահարուած հասցնել հակառակորդին: Այս մասին խումբ մը լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ հրամանատարը` պատասխանելով yerkir.am-ի հարցին` ճի՞շդ է, որ մերօրեայ զինուորները իրենց ոգով ու մարտունակութեամբ կը գերազանցեն անգամ Արցախեան պատերազմի ազատամարտիկներուն:
Արտակի խօսքով` քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Ատրպէյճանը որեւէ բանի ընդունակ չէ: «Անոնց զինուորները վախկոտ են, իսկ մեր զինուորները` քաջարի, մարտունակ, ոգին բարձր, պատրաստ են ամէն մարտական առաջադրանք կատարելու»,- ըսաւ հրամանատարը:
Հարցին, թէ ի՞նչ կու տայ զինուորին թիկունքին գտնուող հասարակութեան համախմբումը, ան պատասխանեց, որ շատ բան կու տայ` զինուորներու մարտական ոգին կը կրկնապատկուի, իսկ բանակի բարոյահոգեբանական վիճակը աւելի կը լաւնայ, անգամ` բանակը իրեն պաշտպանուած կը զգայ:
«Ծնողները անհանգստանալու որեւէ առիթ չունին, հրամանատարները կանգնած են իրենց տեղը եւ զինուորի կողքին, անձամբ ես գիշերը կ’անցնեմ զինուորի կողքին` խրամատի մէջ»,- ըսաւ Արտակը:
Ան պատմեց մեր հրասայլ վարողներու խիզախ մարտական գործողութիւններուն մասին, մասնաւորապէս` զինուորներէն` Թաթուլ Կրպէյեանի եղբօրորդիին մասին. ան հրասայլով երբ մտած է մարտադաշտ, ատրպէյճանցիները, անոր տեսնելով, փախած են: