Հայ Աւետարանական Քոլեճ. «Հայոց Պատմութեան Յաղթական Երթը» Խորագիրով Վաւերագրական Ցուցահանդէսի Պաշտօնական Բացում

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճին, նախագահութեամբ քոլեճի հոգաբարձութեան, պատրաստութեամբ քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ քոլեճի ուսուցիչ, արուեստագէտ Վազգէն Մուղալեանի գեղարուեստական դասաւորումով, երէկ` երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Հայոց պատմութեան յաղթական երթը» խորագիրը կրող, Ն. Ք. դարերէն մինչեւ մեր օրերը երկարող վաւերագրական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու 25-ամեակին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին:

aved-3_41816

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ելոյթ ունենալով նկատել տուաւ, որ մօտ երեք տասնամեակէ ի վեր իր մտածումին մէջ եղած է կազմակերպել սոյն ցուցահանդէսը եւ պէտք եղած տուեալները ապահովելէ ետք կարելի եղած է իրականացնել զայն: Անդրադառնալով ցուցահանդէսի խորագիրին` ան բացատրեց, որ մեր պատմութեան մէջ մենք ունեցած ենք դժուար եւ սեւ տարիներ, սակայն մեր ժողովուրդը յաղթական երթով գոյատեւած է մօտաւորապէս 4500 տարի` իբրեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ, որ իր պատմութիւնը արձանագրած է, եւ նոր սերունդը պէտք է տեսնէ, գիտակցի այդ պատմութեան եւ իր մէջ արմատաւորէ ու զարգացնէ հայկական ոգին: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, որ վերջին 25 տարիներուն մեր ժողովուրդը յաղթանակներ արձանագրեց. վերանկախացում, Շուշիի ազատագրում, նաեւ վերջին շրջանին Արցախի մէջ պատերազմ, ուր դարձեալ թշնամին ձախողութեան մատնուեցաւ: Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Զ. Մսըրլեան շնորհակալական խօսք ուղղեց արուեստագէտ Վազգէն Մուղալեանին, որուն գեղարուեստական յաջող դասաւորումով գեղեցիկ կերպով ներկայացուած էր ցուցահանդէսը հանրութեան:

Այնուհետեւ ժապաւէնը կտրելէ ետք ներկաները ուղղուեցան հանդիսասրահ, ուր դոկտ. Զ. Մսըրլեան բացատրութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր ցուցադրուած նկարի մասին:

Սրահին մէջ ներկայացուած էին 24 մեծ ցուցատախտակներ` 380 նկարներով, որոնք կը մարմնաւորէին մեր պատմութեան գագաթնակէտները քարտէսներով, վաւերագրական եւ խորհրդանշական նկարներով, որոնք կը մարմնաւորէին գլխաւոր դէմքեր, դէպքեր, ճակատամարտեր, քաղաքներ, զինանշաններ, խորհրդանշաններ` սկսելով Նոյ նահապետէն, Հայկ նահապետէն եւ պատմական հին արձանագրութիւններէն` հասնելով մինչեւ արցախեան վերջին հերոսական կռիւները:

Ցուցահանդէսը կը միտի զօրացնել հայկական ոգին եւ փոխանցել ընդհանրական գիտութիւններ եւ գիտելիքներ:

Ցուցահանդէսին առընթեր կը ցուցադրուէր «Հայաստան` Նոյի երկիր» խորագիրը կրող անգլերէնով վաւերագրական տեսերիզ մը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է ամէն օր, մինչեւ 29 ապրիլ 2016, երեկոյեան ժամը 5:00-8:00: Առաւօտները յատկացուած են դպրոցներու այցելութեան (ժամադրութեամբ):

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up