Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ՀՀ նախագահը դիմաւորած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up