ԵԽԽՎ-ի Մէջ Կը Բաժանուին Ատրպէյճանի Իրականացուցած Պատերազմական Յանցագործութիւններուն Մասին Նիւթեր

Այսօր Սթրազպուրկի մէջ մեկնարկեց Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Ապրիլ 22: Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները ԵԽԽՎ բոլոր խմբակցութիւններուն կը բաժնեն Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ պատրաստուած գրքոյկներ, որոնց մէջ ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ տարեց մարդոց սպանութիւնները, զինուորի գլխատումը, երեխաներու սպանութիւնները: ՀՀ պատուիրակութեան անդամներուն այս քայլը զայրացուցած է Ատրպէյճանի պատուիրակութեան անդամները:
Սթրազպուրկի մէջ Panorama.am-ի թղթակիցին ՀՀ պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեան ըսած է, որ ինք այս գրքոյկները բաժնած է Եւրոպայի պահպանողականներու խմբակցութեան մէջ եւ զայն յանձնած է ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան անդամներուն` որոնց մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան նախագահ Սամադ Սէյիդովին:
«Սէյիդովը, ի հարկէ, սկսաւ աղմուկ բարձրացնել, որ ես կանոնակարգ կը խախտեմ եւ պէտք է արգիլուի առանց քարտուղարութեան իմացութեան որեւէ տեղեկատուութեան տարածումը: Սէյիդովի ելոյթէն ետք, երբ շատերը կը ցանկանային խօսիլ այս մասին, ղեկավարը ընդհատեց եւ ըսաւ այս խմորը շատ ջուր պիտի տանի ու նպատակայարմար չէ այս բանավէճը բանալ»,- ըսած է Նայիրա Զոհրաբեան:
ՀՀ պատուիրակութեան անդամը ըսած է, որ ամբողջ նստաշրջանի ընթացքին ՀՀ պատուիրակութեան անդամները պիտի տեղեկացնեն պատգամաւորներուն եւ վեհաժողովի ընթացքին պիտի խօսին Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն մասին:
Յիշեցնենք, որ ԵԽԽՎ օրակարգէն հանուեցաւ Ղարաբաղեան թեման, որուն փոխարէն ընդգրկուեցաւ Փանամա թուղթերուն վերաբերեալ հարցը, որուն քննարկումը, ըստ օրակարգին, նախատեսուած է այսօր: