Աւստրալիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Նամակը Ուղղուած Աւստրալիոյ ԱԳ Նախարարին
Ապրիլ 13-ին Աւստրալիոյ Հայոց, Ասորական, Ասորի Ուղղափառ եւ Քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները համատեղ նամակ ուղարկած են Աւստրալիոյ ԱԳ նախարարին, Ճուլի եպիսկոպոսին:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` նամակին մէջ բողոք կ’արտայայտուի Թուրքիոյ կառավարութեան որոշման` առգրաւելու Տիարպեքիրի նահանգի Սուր շրջանի հետեւեալ մասնաւոր կրօնական սեփականութիւնները.
– Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցի
– Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի
– Սուրբ Մարի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցի
– Սուրբ Կոյսի հնագոյն Ասորական եկեղեցի
– Սուրբ Սարգիս Քաղդէական եկեղեցի
– Բողոքական եկեղեցիները
Համատեղ նամակին մէջ գրուած է.
«Աւստրալիան բազմամշակութային երկիր է, ուր բազմաթիւ կրօններու հետեւորդներ ու ժողովորդներ կ’ապրին կողք-կողքի, խաղաղ ու ներդաշնակ: Այս ամէնը նկատի ունենալով` մենք կ’ակնկալենք Աւստրալիոյ կառավարութենէն` միջնորդել Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու անունով, որպէսզի կարենան վերադարձնել անոնց պաշտամունքի վայրերը: Ատիկա կրնայ ապացուցել, թէ արդեօ՞ք ժամանակակից Թուրքիան, ըլլալով իսլամական երկիր, ժողովրդավարական է` համաձայն արեւմտեան ըմբռնման չափանիշներուն»:
Այս համատեղ նամակը ստորագրած են հետեւեալ հոգեւոր առաջնորդները`
Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեան- Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ
– Մոր Մալաթիուս Մալքի Մալքի – Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ մէջ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Միթրոպոլիթ, արքեպիսկոպոս
– Մար Միլս Զաիա – Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտիոյ եւ Լիբանանի Ասորի Արեւելեան եկեղեցւոյ միթրոպոլիթ
– Արքեպիսկոպոս Ամել Շամոն Նոնա – Սիտնէյի Սուրբ Թովմասի Քաղդէական եկեղեցի
– Հայր Բարսեղ վրդ. Սուսանեան- Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ
«Մենք կ’ողջունենք հինգ ստորագրողներուն կողմէ ընդունուած համատեղ յայտարարութիւնը` ուղղուած ԱԳ նախարարին, եպիսկոպոսին, որոնք յայտնած են իրենց դժգոհութիւնը կրօնական սեփականութիւնը առգրաւելու Թուրքիոյ կառավարութեան որոշման դէմ,- ըսած է Աւստրալիոյ հայկական ազգային կոմիտէի գործադիր տնօրէն Արին Մարգարեան եւ աւելցուցած,- Մենք կը միանանք անոնց կոչին, Աւստրալիան պէտք է դատապարտէ Թուրքիան»: