Վարչապետը Յանձնարարած Է Կայուն Եկամուտի Աղբիւր Ստեղծել Նահատակներու Ընտանիքներուն Համար

Այսօր տեղի  ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան  յանձնարարած է տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանին զբաղուիլ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն համար աշխատանք ապահովելու եւ կայուն եկամուտի աղբիւր ստեղծելու հարցով:

«Յանձնարարում եմ մշակել եւ ՀՀ կառավարութեանը ներկայացնել համապարփակ առաջարկութիւն` նշելով նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրները»,- ըսած է Յովիկ Աբրահամեան:

Ան ընդգծած է, որ առաջարկութիւնները պէտք է ներկայացուին հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ:

Scroll Up