Նազիկ Աւդալեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Նորվեկիոյ մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան ծիրէն ներս  Հայաստանի ներկայացուցիչ Նազիկ Աւդալեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը եւ իր յաղթանակը նուիրեց Արցախի մէջ կռուող բոլոր զինուորներուն:

69 քկ քաշայիններու պայքարին Աւդալեան երկամարտին հաւաքեց 237 քկ եւ 1 քկ գերազանցեց արծաթէ մետալակիրին:

«Յաղթանակս նուիրում եմ Ղարաբաղում կռուող բոլոր տղերքին: Մենք ձեզնով ենք ուժեղ…»,-ախոյեան հռչակուելէ ետք ըսած է Նազիկ Աւդալեան:

Scroll Up