Կը Ցաւինք Ու Կը Հպարտանանք…

Ապրիլ 4-ի լոյս 5-ի գիշերը, թէժ մարտերուն ընթացքին հերոսի մահով զոհուած է Նորայր Միքայէլի Հաջիյեան: Ան ՀՀ ՙԵրկրապահ՚ կամաւորականներու միութեան անդամ էր: Արցախի պաշտպանութեան առաջիններէն մէկը կամաւորագրուած է 2016թ. Ապրիլ 2-ին, մարտական գործողութիւններուն մասնակցած Թալիշի ուղղութեամբ:
Նորայր Հաջիյեան ծնած է 1976թ. Յուլիս 17-ին, Պաքու, լրագրողի ընտանիքի մէջ: 1988թ. յայտնի իրադարձութիւններու պատճառով տեղափոխուած է Երեւան: 1992թ. Դեկտեմբերէն մինչեւ 1995թ. Օգոստոսի վերջերը տարբեր կամաւորական ջոկատներու կազմին մէջ (ՙԱրամօ-114՚ ԵԿ գումարտակ, Կորիւն Ղումաշեանի ԵԿ գումարտակ, ՙԱրծիւ-24՚ ԵԿ ջոկատ) մասնակցած է Հայաստանի պաշտպանութեան (Կոռնիձոր, Շուռնուխ) եւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան (Լաչին, Քելպաճար, Օմարի բարձունք, Ղուպաթլու, Մարտակերտ): 1997-1999թթ. ժամկէտային զինծառայութիւնը անցած է ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակին մէջ (Ասկերանի պաշտպանական շրջան):
2015թ. Օգոստոսին` Ատրպէյճանի հերթական յարձակումներու օրերուն, կամաւորագրուած եւ աշխուժօրէն մասնակցած է Արցախի պաշտպանական մարտերուն:
Ունի բարձրագոյն կրթութիւն, աւարտած է Ստեփանակերտի ՙՄեսրոպ Մաշտոց՚ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը:
Անձնագրային հաշուառման մէջ գտնուելով Երեւանի մէջ, ժամկէտային զինծառայութիւն աւարտելէ յետոյ մշտապէս կը բնակէր Ստեփանակերտի մէջ: Երկար տարիներ աշխատած է «Ղարաբաղ-Տելեկոմ» ՓԲԸ-ի մէջ, իսկ վերջին տարին` ԼՂՀ գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամին մէջ:
Պարգեւատրուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ՙԴրաստամատ Կանայեան՚ (04.05. 2007թ.), ՙՎազգէն Սարգսեան՚ (14.09.2011թ.), ԼՂՀ ՙՄայրութիւն՚ ՀԿ ՙՄայրական երախտագիտութիւն՚ (09.05.2009թ.) մետալներով, ՀՀ ՙԱրամազդ՚ յուշամետալով, ԼՂՀ Նախագահի հրամանագիրով (յետմահու)` ՙՄարտական ծառայութիւն՚ (05.04.2016թ.) մետալով:
Ունի երկու որդի` 10 եւ 6 տարեկան: