Սուրիահայութիւնը Խիտ Շարքերով Մասնակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ սուրիահայութիւնը, իր համայնքապետներով, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով եւ ժողովրդային խիտ շարքերով, Սուրիոյ զանազան նահանգներէն ներս մասնակցութիւն բերաւ խորհրդարանական ընտրութեան։ Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ  Գանձասար պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Հալէպի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեանի եւ Ազգ. Վարչութեան հետ ուղղուեցաւ ընտրական կեդրոն՝ մասնակցելու քուէարկութեան։

Նշենք, որ նշեալ ընտրութիւններուն սուրիական խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար կը մրցին 3500 թեկնածուներ, հայ ազգի միասնական թեկնածուն է Ժիրայր Րէիսեան, ընտրութեան կը մասնակցին նաեւ Դամասկոսէն երեք անկախ հայ թեկնածուներ՝ Նորա Արիսեան, Երատօ Գրիգորեան եւ Վահէ Մահշիկեան։

Սուրիոյ նահանգներուն մէջ ընտրութիւններուն համար հաստատուած են 7000 քուէատուփեր։

Հալեպ1Հալեպ2 Հալեպ3Հալեպ4 Հալեպ5Հալեպ6 Հալեպ7

Scroll Up