Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/130416-Vehaparner-Info.jpg)
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 13-ին հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պետութիւն-եկեղեցի, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Ուշադրութեան կեդրոնին էին Ապրիլ 2-էն 5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ այս օրհասական օրերուն համայն հայութիւնը ցուցաբերած է օրինակելի միասնականութիւն, բարձր հայրենասիրութիւն եւ անձնուիրութիւն` ընդգծելով այս գործընթացին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը:
Երկրին ղեկավարը արժեւորած է Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն այցը Արցախ` նշելով ատոր պատմական ըլլալը հոգեւոր, քաղաքական եւ մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան տեսանկիւններէն:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, բարձրագոյն հոգեւորական դասի խումբ մը ներկայացուցիչներ: