Գանատան Պէտք Է Դատապարտէ Ատրպէյճանի Զինուած Յարձակումը. Սենատի Անդամ

«Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Թան Հայ Նոյի յայտարարութիւնը` Ապրիլ 2-5 ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններու առիթով.
«Ինչպէս կը հաղորդուի, Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուած յարձակումը յանգեցուց տարածաշրջանին մէջ բռնութեան աճի ամենամեծ չափերուն` սկսած 1994թ.-էն: Խորապէս համոզուած եմ, որ խաղաղ կարգաւորման պէտք է հասնիլ ԵԱՀԿ ծիրէն ներս իրականացուող շարունակական երկխօսութեան միջոցով:
Գանատական կառավարութիւնը պէտք է աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքներուն` դատապարտելով զինուած յարձակումը, պատասխանատուութիւն պահանջելով, աջակցելով իրական հրադադարին եւ աշխատելով նոր պարտաւորութիւններու վրայ` ուղղուած տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման»: