Այս Գիշեր Ատրպէյճանի Զինուժը 106 Անգամ Խախտած Է Հրադադարը. Վիրաւորուած Է Մէկ Հայ Զինծառայող

Ապրիլ 12-ի լոյս 13-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ  իրադրութիւնը մնացած է նոյնը: Հակառակորդը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերով խախտել կողմերու միջեւ ձեռքբերուած կրակի դադրեցման մասին բանաւոր պայմանաւորուածութիւնը` կրակելով ինչպէս դիպուկահար զէնքերէ, այնպէս ալ նռնականետերէ:

Ընդհանուր առմամբ, նշուած ժամանակահատուածին ատրպէյճանական զինուժը կատարած է 106 խախտում: Իրավիճակը կայունացնելու նպատակով ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները հակառակորդին պատասխանած են 23 անգամ:

Հակառակորդի խախտումներու հետեւանքով վիրաւորուած է ՊԲ մէկ զինուոր:

Ղարաբաղեան ուժերը կը շարունակեն ուշադիր հետեւիլ մարտագիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն հակաքայլերու:

Scroll Up