Հայաստանին Նուիրուած Դասախօսութիւն` Իռլանտայի Մէջ

Մարտ 7-ին Իռլանտայի մէջ կայացած դասախօսութեան ժամանակ հայր Պօղոս Մանուկը ներկայացուցած է հայերը, անոնց ծագման, քրիստոնէութեան ընդունման, Աստուածաշունչի թարգմանութեան, Էջմիածինի` Հայաստանի հոգեւոր կեդրոն ըլլալու վերաբերեալ հետաքրքիր եւ բովանդակալից տեղեկութիւն: Այս մասին«Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ հայկական համայնքէն:

Դասախօսութեան ժամանակ խօսուած է Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Իռլանտայի մէջ բնակող հայերուն մասին: Դասախօսութիւնը տեւած է 50 վայրկեան, որուն յաջորդած է քննարկում:

Scroll Up