Թորոնթոհայութիւնը Արցախի զօրակցութեան իր ձայնը բարձրացուց

Ի տես 1994-ի զինադուլէն ի վեր առաջին լայնածաւալ եւ լուրջյարձակումներուն, Կիրակի 10 Ապրիլին, բազմահարիւր թորոնթոհայեր Հայ զինուորին եւ Արցախահայութեան իրենց զօրակցութեան ձայնը միացուցին Հայրենիքի եւ սփիւռքի հայրենակիցներուն:
Ձեռնարկը վարեց Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ՝ ընկ. Խաժակ Գուլաճեան, որ յայտնեց թէ թրքականբացայայտ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճան, իբրեւնախայարձակ երկիր, ամբողջականպատասխանատուութիւնը կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղիանզէն ժողովուրդին պատճառած իր մարդկային եւ նիւթականվնասներուն համար: Գուլաճեան հաստատեց, որ Թորոնթոհայութիւնը, որ ղարաբաղեան պայքարի առաջինօրէն գտնուած է համահայկական պայքարի ույանձնառութեան դիրքերուն վրայ, ամբողջանուէր կերպով կըզօրակցի 25-ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանպետականութեան, բանակին եւ ընկրկում չճանչցողժողովուրդին:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան հերթապահ՝ ընկ. Յակոբ Ճանպազեան, որ իր կարգին փոխանցեց թէ անցնող 25 տարիներուն, համայն հայութեանջանքերով կերտուած եւ պահպանուած Լեռնային ՂարաբաղիՀանրապետութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ արտակարգպայմաններ, որոնց յաղթահարումը բոլորէս կը պահանջէմիասնակամ ու արտակարգ զօրակցութիւն: Ճանպազեան վերյիշեցուց որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսպատերազմին մէջ առանձին չէ, այլ իր կողքին ունի աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը: Ճանպազեանդատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանսահմանագիծի ամբողջ երկայնքին վրայ սանձազերծուածթրքական բացայայտ զօրակցութիւնը վայելողազրպէյճանական վայրագ յարձակումները, որոնք թիրախդարձուցին Արցախի բնակելի տարածքները:
Ապա ներկայացուց ԼՂՀ Փոխ Վարչապետ, Գեներալ-Լութէնանթ Ընկեր Արթուր Աղաբէկեանը, որ ուղիղ եթեր կապուեցաւ Արցախեան սահմանէն: Ընկեր Աղաբէկեան լայնօրէն անդրադարձաւ անցնող դէպքերուն, եւ հայ բանակին յառաջխաղացքներուն,եւ յաղթանակի յոյս ներշնչեց ու ոգեւորեց ներկաները, որոնք յոտնկայս ծափողջիւններով ու ջերմագին քաջալերանքներով ու մաղթանքներով հրաժեշտ տուին ընկերոջ:
Ցուցադրուեցաւ Նոր Հայ Հորիզոն պատկերասփիւռի կայանի համադրած տեսերիզը, որ կը պատկերէր հայ զինուորին եւ արցախահայութեան քաջարիութիւնն ու պինդ ու խրոխտ կեցուածքը:
Ձեռնարկի աւարտին, Գուլաճեան փոխանցեց որ թորոնթոհայութիւնը միաժամանակ, պիտի պատրաստուիԱպրիլեան միացեալ ոգեկոչման` Հայ դատի հանդէպ իրենցանշեղ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու եւ արդարպահանջատիրութեան երթը շարունակելու համար:
Ապա, հոգեւոր պետերու առաջնորդութեամբ, բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Հայ Կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշարձան ուր տեղի ունեցաւ մեր նորօրեայ նահատակներու յիշատակի աղօթք եւ զետեղուեցաւ յարգանքի ծաղկեպսակը:
Այս մասին կը յայտնէ Հորիզոն: