Արցախ Կը Մեկնին Յունաստանի եւ Լաթվիոյ Խորհրդարաններու Պատգամաւորներ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ուղեւորուած են Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Կարիֆալիա Քանելլին եւ Լաթվիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Սերգէյ Փոդաբգինը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ  Արսէն Բաբայեանը: Պատգամաւորներուն կ՛ուղեկցի ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը:

Պատգամաւորները համապատասխանաբար Յունաստան-Հայաստան, Լաթվիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ղեկավարներն են, որոնց հայկական կողմի ղեկավարը Էդուարդ Շարմազանովն է:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 9-ին Լաթվիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Լաթվիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Սերգէյ Փոդաբգին ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Scroll Up