Պուլկարիոյ Հայերու Միութիւնը Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Ահաբեկչական Գործողութիւնները ԼՂՀ Մէջ
Պուլկարիոյ հայերու միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր Միութեան նախագահ պարոն Յարութիւն Յովսէփեան խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ահաբեկչական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Պուլկարիոյ հայերու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ս.թ. Ապրիլ 2-ին սկսած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններու ամբողջ երկայնքով օդային զինուժի, ծանր հրետանիի եւ զրահամեքենաներու կիրառութեամբ Ատրպէյճանի լայնամածաւալ ռազմական յարձակումները, որոնք աննախադէպ էին 1994թ. հաստատուած հրադադարէն ի վեր:
Յարձակումներուն զոհ դարձած են եւ վիրաւորուած տասնեակ զինուորականներ եւ քաղաքացիական անձիք, որոնց մէջ նաեւ երեխաներ: Այս առիթով Պուլկարիոյ հայերու միութիւնը իր խոր վշտակցութիւնը կը յայտնէ անմեղ զոհերու հարազատներուն ու մերձաւորներուն եւ կը կիսէ կորուստի ցաւը:
Ցաւօք միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ իրենց կոչերուն մէջ կը շարունակէ հաւասարութեան նշան դնելու կողմերուն միջեւ, խուսափելով հասցէական քննադատութենէ եւ զսպուածութեան հաստատակամ կոչեր ընելու Ատրպէյճանին: Կ’անտեսուի այն հանգամանքը, որ հէնց Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը մշտապէս ու հետեւողականօրէն հանդէս եկած է ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ, պատերազմական կոչերով, ցեղապաշտական եւ հայատեաց քարոզով` օգտագործելով, ներառեալ, նոյն միջազգային հարթակները:
Ուստի կոչ կ’ընենք Պուլկարիոյ իշխանութիւններուն, եւրոպական եւ միջազգային մարմիններուն վճռականօրէն դատապարտել Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները` մարդկային տասնեակ ու հարիւրաւոր կեանքերու կորստեան համար, ներառեալ` քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ:
Պուլկարիոյ հայերու միութիւնը զօրավիգ է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին յանուն ազատութեան անոր պայքարին եւ խաղաղ, անվտանգ ու բարեկեցիկ երկիր կառուցելու ջանքերուն: Միաժամանակ կոչ կ’ընենք պուլկարահայ համայնքին եւ Սփիւռքի մեր հայութեան աւելի աշխուժացնել իրենց գործողութիւնները ի շահ մեր ազգին եւ Հայրենիքին»: