Շառլ Ազնաւուրը Հանդիպած Է Ֆրանսայի Նախագահին

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուր  նախօրէին հանդիպած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Այս մասին կը տեղեկանանք Շ.Ազնաւուրի ֆէյսպուքեան էջէն: Անոնք քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայիս վիճակը:

Հանդիպման նկարը տեղադրուած է Ֆրանսայի նախագահի ինսթակրամի պաշտօնական էջին վրայ:

Scroll Up