Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կը Ներկայացնէ Դոկտ. Մարգարեանի«Նահատակ Հայ Գրողներ» Գիրքը՝ Բըրէմիսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ Երիցական Եկեղեցիին Մէջ

Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի – Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակի սեմին, որքան տեղին է ոգեկոչել ՀայՄշակոյթը, քան թէ սգալ անոր կորուստը։ Վաստակաւոր հեղինակ, բանաստեղծ, գիտնական,դասախօս, դատերագիր, բեմադրիչ, դերասան, թարգմանիչ, ինչպէս նաեւ գրականագէտ եւթատերագէտ Դոկտ. Հրանդ Մ. Մարգարեան այս մէկը կ՚ընէ վերջերս հրատարակած իր «ՆահատակՀայ Գրողներ 1915-1922 – Ծաղկաքաղ» գիրքով։
Բոլոր անոնք որոնք ներկայ էին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ)կազմակերպած Մարտի 18-ին տեղի ունեցող այս հանդիսութեան՝ Բըրէմըսի Հայ ԵրիցականԵկեղեցիին մէջ, լսեցին կեանքի բերուած խօսքերը այս մեծերուն՝ համայնքի երիտասարդներէն ՐաֆֆիԱյնիլեանի, Նիք Այնիլեանի, Վաչէ Տէմիրճեանի, Րիչըրտ Հէքէմեանի, Անուշ Գալաշեանի, ՆայիրիԳաբրիէլեանի եւ Մելանի Սալիպեանի ընթերցանութեամբ։
Այս յատուկ միջոցառումը՝ «Գրական Ստեղծագործութիւնները 13 Հայ Նահատակ Գրողներու»խորագրով, սկսաւ ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի խօսքերով, որու ընթացքին աններկայացուց պատուոյ հիւրին՝ Դոկտ. Մարգարեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։ Պրն. Խանճեանորակեց 19-20-րդ դարու գրականութիւնը որպէս «ճարտար եւ որակաւոր գրականութիւն, որ արժանիէ ընթերցել, վայելել եւ տարածել»։ Դոկտ. Մարգարեանի ցուցադրած սահիկներէն ետք անորբացատրութիւնները կարեւորեցին իր գիրքին մէջ ներկայացուցած այս 13 գրողներուիրագործումները։
Դոկտ. Մարգարեանի ծաղկաքաղը գեղեցկօրէն բաժնուած է երեք մասերու, իւրաքանչիւր մասըցոյց տալով ամէն մէկ գրութեան ժամանակաշրջանին մասին տեղեկութիւններ։ Առաջին բաժինը կըներկայացնէ 19-րդ դարու Արեւմտահայ գրականութեան մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ։Երկրորդ բաժինը կու տայ մանրամասնութիւններ՝ հասկնալու Հայոց Ցեղասպանութեան հիմքը։ Իսկերրորդ բաժնին մէջ կը ներկայացնէ այդ ժամանակաշրջանի նահատակ 13 ամենասիրուած գրողներուկենսագրութիւնները՝ իրենց ստեղծագործութիւններու մատենագիտութեան ցանկով, ինչպէս նաեւհատուածներ իւրաքանչիւր հեղինակի գլխաւոր գրութիւններէն։
Նկատի ունենալով կարգ մը նրբութիւններ, որոնք կրնան կորսուիլ թարգմանութիւններուընթացքին, Դոկտ. Մարգարեան կրցած էր այս հեղինակներու գրութիւնները հմտօրէն անգլերէնիթարգմանել, պահելով անոնց բնական գեղեցկութիւնը։ Հեղինակը՝ իր գիրքին մէջ, կրցած էրգեղեցկօրէն արձանագրել եւ ներկայացնել նահատակ գրողներու հզօր խօսքերը, ցոյց տալով այնփաստը թէ, մէկ կամ 101 տարիներ ետք, անոնք տակաւին կը մնան հաստատ եւ կանգուն։
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն որ կազմակերպած էին ՍեդաՆալպանտեան, Անիթա Պուչագճեան եւ Պերճուհի Կիւլէսէրեան։ Հիւրասիրութեան ընթացքիններկաները առիթը ունեցան հանդիպելու Դոկտ. Մարգարեանի հետ եւ անոր գիրքէն օրինակներապահովելու։
Դոկտ. Մարգարեանի «Նահատակ Հայ Գրողներ» գիրքէն օրինակներ ապահովելու համարկրնաք այցելել ԱՀԱԸ-ի կայքէջը www.amaa.org կամ կապ հաստատել ԸնկերակցութեանԿեդրոնատեղիի հետ՝ Հեռ. 201.265.2607 ի- մէյլ info@amaa.org.