Հակառակորդը Կրկին Խախտած Է Կրակի Դադրեցման Պայմանաւորուածութիւնը

Ապրիլ 8-ի լոյս 9-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու եւ 60 միլիմեթրանոց ականանետերու (7 արկ) կիրառմամբ, խախտած է կրակի դադրեցման մասին պայմանաւորուածութիւնը:
ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները հիմնականին մէջ ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ:
ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւն