ՊԲ 2 Զինծառայողներու Դիերը Հայկական Կողմը Յայտնաբերած Է Որոնողական Աշխատանքներու Արդիւնքով

Ապրիլ 8-ին, համաձայն նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներու միջնորդութեամբ, իրականցուցած են զոհուածներու որոնողական աշխատանքներ, որոնց արդիւնքով հայկական կողմը յայտնաբերած է ՊԲ զինծառայողներ` կրտ. ս-տ Ռոբերտ Ալեքսանդրի Աբաջեանի (ծնած 1996թ.ին) եւ շարք. Անդրանիկ Ատոմի Զոհրաբեանի (ծնած 1996թ.ին)  դիակները:

Որոնողական աշխատանքներուն ընթացքին կրակի դադրեցման շուրջ պայմանաւորուածութիւններու խախտում չէ արձանագրուած:

Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:

Scroll Up