Վտանգի Պահուն Ողջ Հայ Ժողովուրդը Զօրք Ու Բանակ Կը Դառնայ

Ի զէն, ի վրէ՜ժ, օ՛ն անդր յառաջ,

Ի զէ՜ն, ի վրէ՜ժ, մի՜ ձախ մի՜ յաջ…

Մեր բանակը կրկին պիտի յաղթէ ատրպէյճանական բանակին, մեր ժողովուրդը կրկին պիտի յաղթէ Ատրպէյճանի ժողովուրդին:

Մենք կասեցուցինք մեր հողը մտած հակառակորդի յառաջխաղացումը ու ետ շպրտեցինք անոր: Հայ զինուորը ապացուցեց, որ ամուր կանգնած է իր նախնիներու հողին վրայ ու երբեք, ոչ մէկուն թոյլ չի տար ասպատակելու իր հայրենիքը:

Երբեք մեր ժողովուրդը այսքան հզօր ու հերոսական չէ եղած:

Երբեք Հայաստանը, Սփիւռքը, Արցախն ու մեր բանակը այսքան միահամուռ, ոգեղէն ու ամուր չեն եղած:

Մենք յաղթած ենք ու պիտի յաղթենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը հայրենիքի հանդէպ իր անձնազոհ սիրով կանգնած է մեր բանակի թիկունքին, պատրաստ կեանքը նուիրաբերելու հայոց անգամ  թիզ մը հողին համար:

Մենք յաղթած ենք ու պիտի յաղթենք, քանի որ վտանգի պահուն զօրք  ու բանակ կը դառնայ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Ես կրկին հիացած եմ հայ զինուորի կամքով, ուժով, քաջութեամբ, հայրենասիրութեամբ:

Հայ զինուորէն լաւ զինուոր չկայ աշխարհի վրայ:

Հայ զինուորէն քաջ զինուոր չկայ աշխարհի վրայ:

Հայ զինուորին պէս իր հայրենիքը սիրող զինուոր չկայ:

Այս արկածախնդրութիւնը շատ ծանր հետեւանքներ ունեցաւ  Ատրպէյճանի համար եւ դեռ կ’ունենայ: Ատրպէյճանը մարդկային եւ նիւթական մեծ կորուստներ ունեցաւ. ապացուցելով, որ իր յոխորտանքները սնամէջ են ու սուտ:

Մենք ենք այսօր դրութեան տէրը: Ու վճռական  տրամադրուած ենք: Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը դեռ պիտի բացատրէ իր ժողովուրդին, թէ ինչու համար էին այդքան մարդկային կորուստները, թէ ինչու փորձեց ներխուժել ուրիշի հողը ու կոտորեց իր զաւակները:

ԼԵՒՈՆ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ

ԼՂՀ ՊԲ հրամանատար

զօրավար-լէյտենանտ

Աղբիւրը` Հայ զինուոր

Scroll Up