Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Ատրպէյճանի Ռազմական Օժանդակութիւնը Կասեցնելու Կոչ Կ՛ընէ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Ռապըրթ Տոլտ Հինգշաբթի, Ապրիլ 7ին կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ խստօրէն եւ յստակօրէն դատապարտէ հայկական թիրախներու վրայ Ատրպէյճանի բանակին վերջին յարձակումները եւ ատրպէյճանական ուժերու բռնարարքները, միաժամանակ պահանջելով անկէ, որ անմիջապէս կասեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները։
Իրենց նամակին մէջ, Փալոն եւ Տոլտ նաեւ կոչ կ՛ընեն վարչակարգին, որ անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրէ ատրպէյճանական յարձակումներէն տուժած Արցախի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան հովանիին տակ գործող յատուկ քննիչ մարմին մը ղրկէ տարածաշրջան՝ բացայայտելու համար յարձակումին պատասխանատուները եւ արժեւորելու համար շրջանին կրած վնասները, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակառուցման օժանդակութիւններ տրամադրել։
Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ http://asbarez.com/148443 կայքէջին վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Փալոնի եւ Տոլտի սոյն նամակը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ատրպէյճանական ուժերու բռնարարքները դատապարտող յայտարարութիւններ կատարած հետեւեալ քոնկրեսականներուն՝ Մարք Քըրքի, Ճուտի Չուի, Տէյվիտ Սիսիլինի, Ճիմ Քոսթայի, Կրէյս Նափոլիթանոյի, Տեւըն Նունիէզի, Լինտա Սանչեզի, Էտըմ Շիֆի, Պրետ Շըրմընի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի։