Նիւ Եորքի ՄԷջ Գտնուող Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հանդիպումները

Աշխատանքային այցով ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին վրայ Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն մասին տեղեկանալով, Ապրիլ 2-ին արդէն Նիւ Եորքի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է ազգային կառոյցներու, միութիւններու ղեկավարներու, համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի սահմանին ծաւալած իրադարձութիւնները: