Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայ Համայնքին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Էմանուել Պոնի դիւանագիտական առաքելութեան սկսման առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու պետեր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, նախկին եւ ներկայ նախարարներ, գործարարներ:
Լիբանանի եւ Ֆրանսայի զոյգ քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան: Ան Կեդրոնական կոմիտէի անունով մեծ հաճոյք եւ պատիւ համարեց Ֆրանսայի դեսպանը ընդունիլ Պուրճ Համուտի մէջ, եւ մաղթեց, որ անոր պաշտօնավարութեան շրջանը յաջողութեամբ պսակուի: Կիտանեան դեսպանէն խնդրեց հայ համայնքին երախտագիտութիւնը փոխանցել Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին, Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին անոնց ի գործ դրած բոլոր ճիգերուն համար` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի ընդունման ի խնդիր: Կիտանեան այս առիթով պահանջեց Ֆրանսայէն, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահ երկիր միջամտել, որպէսզի վերջ դրուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի գործած զինուորական վայրագութիւններուն, որոնց կ՛աջակցի եւ զորս կը քաջալերէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը: Ան փափաք յայտնեց, որ դիւանագիտական միջոցներով վերջ դրուին զինուորական մագլցումներուն, եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի տարբեր մարզերուն մէջ հայ համայնքին ներգրաւուածութեան եւ նշեց, թէ գաղութը հետամուտ է Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, որ մեծ պատիւ համարեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը հայկական համայնքին ծանօթացնելը: Ներկայացնելէ ետք դեսպանը, ան նշեց, որ երեք երկիրները զիրար կը միացնեն գեղեցիկ պատմութիւններ: Ան ընդգծեց, որ այժմ հայութիւնը կ՛ապրի դժուար պահեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառով եւ Ֆրանսայէն կը խնդրէ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահ երկիր աւելի ազդու դեր ունենալ ղարաբաղեան խնդրի ճիշդ լուծման մէջ:
Իր կարգին, Ֆրանսայի դեսպան Էմանուել Պոն ուրախութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան հետ նման հանդիպում մը ունենալուն համար: Ան նշեց, որ դիւանագէտ մը զգուշութեամբ կ՛ընդունի կուսակցութեան մը հրաւէրը, սակայն, տրուած ըլլալով, որ ՀՅԴ-ն մեծ նշանակութիւն ունի լիբանանահայ գաղութին համար, ան ընդառաջած է հրաւէրին:
Ըստ դեսպանին, Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ շատ նմանութիւններ կան, որովհետեւ այս երկիրները կը փայլին իրենց սփիւռքով: Դեսպան Պոն յայտնեց, որ ինք գիտէ, թէ հայկական համայնքը մեծ ակնկալիքներ ունի Ֆրանսայէն, ինչպէս վերջերս տեղի ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, որուն համար մտահոգ է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա լիովին պիտի օգտագործէ իր համանախագահի պաշտօնը` լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը` յոյս յայտնելով, որ շուտով խաղաղութիւն կը տիրէ:
Դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան, գաղթականներու խնդիրին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին` յայտնելով, որ կան պատասխանատուութիւններ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ: Ան աւելցուց, որ հայկական համայնքը բազմազանութեան գրաւ է:
Ֆրանսայի դեսպանը իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց հայութեան` այս դժուար պայմանները յաղթահարելու եւ ըսաւ, որ կարելի է վստահիլ իր եւ դեսպանատան` նորանոր ծրագիրներ մշակելու եւ շրջանի մէջ խաղաղութիւնը վերականգնելու համար:
Դեսպանը նաեւ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ծանօթացաւ հոն գործող հաստատութիւններուն աշխատանքներուն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն վերահաստատելու կարեւորութիւնը:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: